2014-10-13 10:25:56

Ս. Աթոռի պետական քարտուղարի կոչը` '' Կեցնել իսլամական պետութիւնը ՄԱԿի համագործակցութեամբ''։


(Ռ.Վ. 13 հոկտեմբեր 2014) Միջին Արեւելքի ծանր կացութեան ի տես, ՄԱԿը կանչուած է համապատասխան որոշում առնել եւ վերջ դնելու իսլամական պետութեան յարձակումներուն։ Հարկաւոր է դադրեցնել իսլամական պետութեան տմարդի արարքները, յայտարարած է Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը` կարտինալ Փարոլին Իտալական ԱՆՍԱ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթով։
Ան դրսեւորած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին մտահոգութիւնը Միջին Արեւելքի ողբերգական կացութեան մասին։ Կարտինալ Փարոլին վերահաստատած է Եկեղեցւոյ կեցուածքը` ոյժի գործածութեան օրինականութեան մասին, երբ դաշնակցային ոյժերը կը մտին կեցնել յարձակողը, ՄԱԿի միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.